2014-10-25 11:20:38

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը ուղղուած` Իտալացի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կազմակերպած` ''անկայունութենէն յոյս'' բնաբանով խորհրդաժողովին։


(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) Իտալիոյ Սալերնօ քաղաքին մէջ, 24 – 26 հոկտեմբեր, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է որպէս նիւթ ունենալով ` ''անկայունութենէն դէպի յոյս'' ։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը յղեց ժողովականներուն որուն մէջ մատնանշեց թէ այս խորհրդաժողովին կէտ նպատակն է յոյսի նոր հեռանկարներ ներկայացնել, նա մանաւանդ նոր սերունդին, ժամանակաշրջանի մը մէջ որ յատկանշուած է անորոշութեամբ, կորուստի եւ մեծ փոփոխութիւններով։
Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց Իտալիա կատարած իր հովուական այցելութիւններուն, որոնց ընթացքին մօտէն ծանօթացած է երիտասարդներուն աշխատանքի պակասի հետեւանքով ապրած իրավիճակին, հաստատելով թէ ասիկա ոչ միայն տնտեսական հարց մըն է այլեւ արժանապատուութեան հարց է։ Այնտեղ ուր աշխատանքի պակաս կայ, կը պակսի նաեւ արժանապատուութիւնը, գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ։
Աշխատիլ կը նշանակէ կարենալ ապագան ծրագրել ու կազմել ընտանիք մը։ Մինչ այսօր կ՛իշխէ ''աւելորդացի'' մշակոյթը, այն ինչ որ շահաւէտ չէ անպէտ կը համարուի։ Այսպէսով սակայն կ՛արհամարհուին երիտասարդները որոնք կը կազմեն ժողովուրդներուն ապագան ու մենք պէտք ենք ոչ ըսել այս ''աւելորդացի'' մշակոյթին – գրեց Քահանայապետը շեշտը դնելով խորհրդաժողովին նիւթի երկրորդ բարին` Յոյսը։
Յոյսին ակնաղբիւրը Աւետարանն է, որ կը բխի Աստուծմէ, Յիսուս Քրիստոսէն որ զօրակից դարձաւ մեր անկայունութեան''։ Աւետարանը կը յառաջացնէ ուրիշին հանդէպ ուշադրութիւն, հանդիպումի մշակոյթ, զօրակցութիւն։ Աւետարանին ուժով դուք կը դառնաք անկայունութեան մէջ յոյսի վկայութիւն։ գրեց Ֆրանչիսկոս Պապըիր պատգամին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.